2014-02-28 09:57:32

Սրբոց Վարդանանց նուիրուած հանդիսութիւն` Մայր Աթոռի մէջ


Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ նախօրէին, նախագահութեամբ Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն` նուիրուած Սրբոց Վարդանանց զօրավարներու տօնին:
Ցերեկոյթը կազմակերպուած էր Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի եւ Երեւանի պետական համալսարանի ուսանողներու կողմէ, կը տեղեկացնեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մամուլի բաժինէն:
Ձեռնարկին ներկայ էին Մայր Աթոռի միաբաններ, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի եւ ԵՊՀ դասախօսներ, Հայաստանի տարբեր համալսարաններու ուսանողներ:
Հանդիսութիւնը բացուա է Տէրունական աղօթքով, հնչել են ՀՀ եւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի օրհներգները, ապա բացման խօսքով հանդէս եկած է Մայր Աթոռի հոգեւոր կրթական հաստատութիւններու վերատեսուչ, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեանը` ուրախութիւն յայտնելով, որ արդէն հինգ տարի է, որ ճեմարանն ու Երեւանի պետական համալսարանը միասնաբար կ’ոգեկոչեն Վարդանանց անմահ նահատակներու յիշատակը:
«Վարդանանց ոգեկոչումը հայ ազգի համար աւելին է, քան տօնը. ժողովուրդն անմահացրել է Վարդանանց յիշատակը, այն դարձրել իր դարաւոր պայքարի հիմնը»,- նշած է տեսուչ Սրբազանը:
Ներկաներուն այս առիթով ողջունած է նաեւ Երեւանի պետական համալսարանի ռեկտոր, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆէսոր Արամ Սիմոնեանը:
Հանդիսութեան աւարտին ներկաներուն իր պատգամն ու օրհնութիւնն բերած էր Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը` գոհութիւն յայտնելով Աստծուն, որ այսօր Վարդանանց տօնը կը տօնախմբուի ոչ միայն Սփիւռքի մէջ` ազգային մեր հաստատութիւններու մէջ, այլ նաեւ Մայր հայրենիքի մէջ, հոգեւորականներու, ճեմարանի սաներու եւ համալսարանական ուսանողներու հետ միասին: Նորին Սրբութիւնը յոյս յայտնած է, որ ապագային Վարդանանց տօնը պիտի նշուի ամէն տեղ, որովհետեւ դարեր շարունակ Վարդանանց ոգին առաջնորդած է հայ ժողովուրդը եւ զօրութիւն տուած` դիմակայելու կեանքի բոլոր դժուարութիւնները եւ կերտելու հայոց պատմութեան յաղթանակները:








All the contents on this site are copyrighted ©.